2014-06-21 11:42:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը` Քասթրովիլլարի ''Ռոզէդդա Սիսքա'' բանտին բանտարկեալներուն` ''Եկած եմ աշխարհի բոլոր բանտարկեալներուն յայտնելու իմ եւ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը։''


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, շաբաթ, 21 Յունիսի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, միօրեայ հովուական այցելութեամբ, ինքնաթիռով մեկնեցաւ Իտալիոյ Քալապրիա մարզի ''Քասսանօ Ալ Իոնիօ'' թեմը, ուր ժամանեց 9,30-ին եւ անմիջապէս ուղղուեցաւ Քասթրովիլլարի ''Ռոզէդդա Սիսքա'' բանտը, ուր հանդիպում ունեցաւ բանտին բանտարկեալներուն, անձնակազմին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։
Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց թէ այս հանդիպումը կը հանդիսանայ հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը, որով Ան ուզեց յայտնել իր եւ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը, ամէն մէկ բանտարկեալ անհատի, որ կը գտնուի աշխարհի որեւէ մէկ բանտին մէջ''։
Յիսուս ըսաւ` ''Բանտն էի, եկաք զիս տեսնելու'' յարեց Սրբազան Հայրը ու ակնարկեց բանտարկեալներու եւ բանտերու նկտամամբ գործադրուած քաղաքականութեան` յարգելու մարդու հիմնական իրաւունքները, զանոնք անբաւարար նկատելով եթէ անոնց կից չկայ պատկան իշխանութիւններու կողմէ յանձնառում` բանտարկեալներու ընկերութեան մէջ իսկական ներառութիւնը ապահովցնելու։ ''Եթէ այս պակսի, բանտարկութիւնը կը դառնայ լոկ պատիժ եւ ընկերային վրէժ, որ իր կարգին վնասակար կը դառնայ ըլլայ անհատին ըլլայ ընկերութեան համար'', հատատեեց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ ''ընկերութեան մէջ ներառութիւնը պարզպաէս մարդկային ուղեւորութիւն մը չէ եւ թէ այդ ճանապարհի վրայ կայ նաեւ Աստուծոյ հետ հանդիպումը. Սատուած որ մեր քայլերը կ՛առաջնորդէ, մեզ կը սիրէ եւ կարող է մեզ հասկնալ ու ներել մեր յանցանքները։ Տէրը – ըսաւ Քահանայապետը – ներառութեան վարդապետն է, մեզի կը մնայ յանձնուիլ Անոր ձեռքերուն մէջ ու թոյլ տալ որ մեր քայլերը առաջնորդէ։
Սրբազան Հայրը հուսկ ամէն մէկ բանտարկեալի մաղթեց որ բանտարկութեան այս շրջանը ժամանակի կորուստի շրջան չհանդիսանայ այլ ըլլայ` թանկարժէք ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին հայցել եւ ընդունիլ Աստուծոյ շնորհքը եւ իրենք զիրենք ու իրենց շրջակայքը դարձնեն աւելի բարի։
Ան ապա յատուկ ողջոյն մը ուղղեց բանտարկեալներու ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ քաջալերանք յայտնեց բանտին բոլոր անձնակազմին ու բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններն ու Աստուածամօր հովանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.